Արա Կիւլէր | Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք

 
       

Բարե՛ւ։ Ես բարձրահասակ նաւաստին եմ։ Ձեր ճանչցած բարձրահասակ նաւաստին։ Ծագումով Հնդեւրոպացիի, Արիի կամ Սամիի ցեղերուն կը պատկանիմ։ Դեղին եմ, ճերմակ եմ, խափշիկ եմ, նէկրօ եմ։ Կրօէնլանտ, Քաբ, Ատիսապապա, Պօմպայ, Սուլուքուլէ, Սիտնթէյ, Լենինկրատ, Նիւ Եորք, Գանատա կամ Նակազաքի ծնած եմ։ Անունս Բէթրօֆ է, Ֆէրտինանտ է, Հանս է, Միշէլ է, Ֆէրնանտօ է, Սօթիրի է, Խաչատուր կամ Մէհմէտ է։ Տասնըվեց, քսանըեօթը, հինգ կամ վաթսունեօթը տարեկան եմ։ Բաւ է որ ծնած եմ։ Ինծի անպայման հանդիպած էք։ Ես գիշերները սուլելով փողոցներէն անցնող մարդն եմ։ Պառերուն առջեւ կռուող, կնոջ մը երեսէն անիրաւ տեղը բանտարկուող, բանախօսութեան պահուն քնացող, ընտրութեան օրերուն ձեզի նման քուէ տուող, աթօմական ռումբը ստեղծող, թոքախտին կամ քանսէրին բուժման ձեռնարկող մարդն եմ։ Եւ այս բոլորը գիշերները սուլելով, մերկ սալայատակներուն վրայէն անփոյթ քայլերով սլքտկած պահերուս է որ կընեմ։ Վաղը խիստ կարեւոր գործողութիւն մը ունիմ։ Յաջորդ օր, որոշեցի կինս պիտի սպասեմ։ Իսկ Հինգշաբթի օր նախագահին ու վարչապետին հետ պիտի տեսակցինք ու երբ համաձայնինք, պատերազմի իւլթիմաոթմ մը պիտի ստորագրենք։ Ինչո՜ւ․․․ Ատոր պատճառը մի՛ հարցնէք, ատիկա պետական գաղտնիք մըն է։ Շաբաթ օր նշանածիս հետ որոշեցինք, կէսօրէ վերջ Կիւլհանէի Աքվարիումը պիտի երթանք։ Կիրակի օր Ժէթ օդանաւին մրցումին պիտի մասնակցիմ։ Օդերեւութաբանութեան կայարանէն քիչ առաջ հեռաձայնեցին, Լոնտոնի մէջ վաղը օդը գեղեցիկ եւ տեսողութեան մատչելի պիտի ըլլայ եղեր, արդեօք Մատակասքարի մէջ օդը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։ Ի՛նչ ընենք, Երկուշաբթի օր ժամը իննին դարձեալ պաշտօնատան ճամբան բռնելու ստիպուած եմ։


       

Կարելի է օր մը դէմ առ դէմ ճաշ ալ կերած ենք ճաշարանի մը մէջ։ Կրնայ ըլլալ որ ճամբան սիկառ վառելու համար իրարու կրակ ալ երկարեցինք։ Ո՜վ գիտէ քանի՜ անգամ ձեր առաջարկագիրները մերժած, կամ ձեզի վտարած եմ սենեակէս։ 1947ի ընտրութեանց, գիտէք հաւանաբար, վարչապետ ընտրուած էի։ Սակայն այս բոլորէն վերջ անգամ մը եւս ըսեմ որ ես ձեր ճանչցած բարձրահասակ նաւաստին եմ։ Այսօր նաւաստի եմ, վաղը վաճառական, միւս օր ոճրագործ մը։ Մի՛ վստահիք ու մի՛ հաւատաք ձեր ամէն տեսածին։ Վստահ եմ թէ օր մը միասին ելանք Աղեքսանդրիոյ բոզանոցէն։ Դուք Չինացիի մը հետ մնացիք, ես Մեքսիկացիի մը, կամ Հարաւային Ափրիկեցիի մը հետ։ Սակայն վերջապէս միասին դուրս ելանք այդ դռնէն։ Պարապ տեղը ժխտել մի՛ փորձէք, վստահեցէք, վաղը երկուքս միասին ուրիշ դուռ մը պիտի զարնենք։ Ատոր դո՛ւն ալ վստահ եղիր, ե՛ս ալ։


       

Սա վայրկեանիս Նիւ Եորքէն դէպի Լոնտոն օդանաւ մը ճամբայ ելաւ։ Ես այդ օդանաւին վարիչն եմ։ Քովինս երկրորդ վարիչն է։ Քիչ առաջուընէ ի վեր սրտնեղութենէ կը խօսի։ Քիչ վերջ ամէն բան անոր ձգելով պակաժի սենեակը պիտի երթամ։ Օդանաժիշտին հետ յաճախ հոն կը գտնուինք։ Գէշ ապրանք չէ օդանաժիշտը։ Առջի օր շրթունքը ներկած պահուն յանկարծ ծիծերը բռնեցի։ Բան մըն ալ չըսաւ։ Եթէ ճամբորդներէն մին զանգակը չհնչեցնէր, անոր մսոտ շրթներէն այսքան շուտ պիտի չբաժնուէի։ Յաջորդ օր Միացեալ Նահանգներու վերջին ժողովին մէջ խօսք առի եւ երկար խօսեցայ։ Երկարած կամ անիմաստ բաներ ըսած ըլլալու եմ որ ժամանակդ աւարտեցաւ ըսին ու տեղս վերադարձայ։ Յաջորդ օրը ձիէն ինկայ ու թեւս կոտրեցաւ։ Մտադրեցի, վաղը այլեւս գործ մը գտնելու համար լրագիրներուն ազդերը պիտի նայիմ։ Դարձեալ վաղը, ուրիշ քաղաքի մը մէջ, եօթանասունինը միլիոնի փոխարէն ինծի պատկանող մաս մը տեղ ծախսեցի, որուն համար կըսէին թէ հոն մեծ քանակութեամբ քարիւղ կը գտնուի։ Ի՛նչ կըլլայ, կը խնդրեմ, ինծի հինգ ղրուշ տուէք, անօթի եմ, տաք սիմիթ մը պիտի առնեմ։ Խարտեաշներէն չեմ ախորժիր, ժամադրութեան պիտի չերթամ։


   

Եւ, հաւատացէք ինծի, ես բարձրահասակ նաւաստին, վերջապէս վերադարձայ։ Այս գիշեր, դարձեալ սուլելով մութ փողոցներէն պիտի անցնիմ։ Ով գիտէ քանի՜ հոգի, զիրենք անոյշ, քունէն արթնցուցած ըլլալու հարամր որքա՜ն զայրանալով ինծի հայհոյել պիտի սկսին։ Իմանամ թէ չիմանամ, ինծի համար երբեք կարեւորութիւն չունի ատիկա։ Ես, բարձրահասակ նաւաստին, սիկառ մը պիտի վառեմ ու ժամը երկուքէն վերջ, կէս մշուշին ու անձրեւին պատճառաւ փայլող սալայատակի քարերուն վրայէն աղմուկ հանելով անցնող պառի բոզերուն նիհար ոտքերուն պիտի նայիմ։ Անոնք պիտի քալեն մերկացած քարերուն վրայէն, ես ալ։ Անոնք պիտի կենան անկիւնադարձի մը, ես ալ պիտի կենամ։ Սակարկութիւն պիտի ընեմ։ Բայց վստահ եղէք, երթալու միտք չունիմ։ Ասիկա տեսակ մը սովորութիւն է։ Ան կամ անոնք պիտի պնդեն, ես ոչ պիտի ըսեմ։ Դրամ չունիմ, սրտնեղութենէ քեզի հետ սակարկութեան սկսայ պիտի ըսեմ։ Պիտի հայհոյէ ու պիտի բաժնուի։ Ես սիկառ մը եւս պիտի վառեմ ու դարձեալ նոյն անկիւնէն, պառերէն վերադարձող յոգնասպառ կիներու նիհար ոտքերը պիտի դիտեմ։


   

Արդեօք քանի՜ հոգի այս հաճոյքը գիտէ արժանացնել։ Արդեօք քանի՜ հոգի, կէս գիշերէն վերջ, մութ փողոցի մը խորէն լսուող կրունկի կշռութաւոր զարկերէն լալագին կրնայ ըլլալ։ Այս կրունկի ձայները ձեր ճանչցածներունն է, ձեր աղջկանն է, երկրին վրայ միջատի մը նման ապրելու եւ յետոյ կորսուելու թեկնածու մէկունն է։ Մէջս ճմռթկած թուղթի մը նման կը ճմլուի։ Կարծր կօշիկի մը տակ, կէսօրուան արեւուն տակ ճզմուող ու յետոյ չորնալով փոշի դարձող միջատի մը նման, ուսերուս վրայ ծանրութիւն մը կիջնէ։ Ամէն բան իր խորհրդաւոր տեսքը յանկարծ կը կորսնցնէ։ Այլեւս տուն երթալու ժամանակը եկած է։


   

Այսօր նամակ մը առի։ Նակազաքիէն։ Քէն Եի Իչէն։ Ուրախացայ, որովհետեւ ան կը գրէ թէ աթոմական ռումբին պատճառաւ ստացած վէրքերը վերջապէս բուժուած են։ Գէշ տղայ չէ Քէն Եի Իչ։ Դէմ առ դէմ կռուած ենք անոր հետ վերջին ընդհանուր պատերազմին։


 

Շարժանկարին մէջ քովս աղջիկ մը նստաւ։ Կին մը կամ աղջիկ մը։ Չեմ ճանչնար, պէտք չունիմ երբեք ճանչնալու։ Ան ալ զիս չի ճանչնար, պէտք ալ չունի ճանչնալու։ Մութ էր։ Ճերմակ պաստառին վրայի սեւ գլխարկով մարդը չորս ձեռք կրակեց դեղին կնոջ ու կինը գետին ինկաւ։ Աղջկան մարմինը բաւական տաք ու հրապուրիչ է եղեր։ Եթէ լոյսերը վառին, ըստ մեր երկրին սովորութեան, խայտառակ պիտի ըլլանք։ Ընկեր մը ունէի ինծի այսպիսի պատահար մը պատմած էր։ THE END։ Աղջիկը տգեղ է եղեր։


 

Վստահ եղէք, ո՛չ մէկուն մտքին մէջ գէշութիւն կայ այս դարուս։ Օրինակի համար ես, բարձրահասակ նաւաստին, մինչեւ հիմա ըրածներէս ո՛չ մէկուն համար կը զղջամ։ Մինչեւ այսօր փափաքածներս ըրի, ասկէ վերջ դարձեալ պիտի ընեմ։ Եթէ ուզեն, երկրին վրայ ապրող բոլոր մարդիկը ինծի հետ գժտին, ես դարձեալ անոնց ցաւերուն հետ ցաւ պիտի զգամ։ Ամէն անհատ փափաքածին պէս թող ապրի։ Ասոր մէջ ի՞նչ վնաս կայ։ Աշխարհը նոյն թուականին է որ պիտի կործանի։ Ես օրէնքներու հնազանդեր եմ կամ ոչ, դուն մահապարտի ճերմակ զգեստով կախաղանին եռոտանիներուն մէջտեղ, երեք ժամ անշարժ մնացեր ես, ինչ կայ որ, ըլլալիքը միշտ նոյնն է։ Արդեօք կարեւորը երկու բեւեռներու համաձայնութի՞ւնն է։ Ըսենք որ համաձայնեցան, ինծի՞ ինչ։ Ըսենք որ չհամաձայնեցան, դարձեալ ինծի՞ ինչ։ Ես նաւաստի մըն եմ։ Այսօր այս նաւով, վաղը միւս նաւով ա՛լ աւելի ուրիշ օր մըն ալ ուրիշ նաւով մը ծով պիտի բացուիմ։ Իմ աշխարհս անհուններն է։ Եթէ փոթորկը զօրաւոր ըլլայ ու ընկղմինք, ձուկերը խնջոյք պիտի սարքեն։ Իսկ եթէ պատերազմի ընթացքին բլուրի մը ստորոտը անյագ բնութեան նորածին լոյսին ներքեւ, կարծր ու տաք փամփուշտով մը անդիի աշխարհ ճամբորդեմ, այն ատեն ալ որդերը խնջոյքի պիտի տիրանան։ Արդիւնքը նոյնը ըլլալէ վերջ ես, բարձրահասակ նաւաստին, օրս օր ընել կաշխատիմ։


     

Այս գիշեր ուշադրութիւն ըրէք, ձեր դրան առջեւէն անպայման մէկը սուլելով պիտի անցնի։ Այդ մարդը ե՛ս պիտի ըլլամ։


1955, Սան